Ջերմուկի մէջ 17 դեկտեմբերին, տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Քաղաքական ժողովի նիստ, զոր վարած է Վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս մասին տեղեկացուցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան դիմատետրեան էջը։
Քննարկուած են արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, կուսակցութեան զարգացման ռազմավարութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական բնոյթի հարցեր։