image

Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթը Հրապարակած Է Իր Աշխատակիցներէն Նահատակ Երուխանի Գործերը

Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթը Հրապարակած Է Իր Աշխատակիցներէն  Նահատակ  Երուխանի  Գործերը

Թուրքիա-  Պոլսոյ  մեր  պաշտօնակից «Ժամանակ»  օ­րա­թեր­թը 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ կը վե­րար­ժե­ւո­րէ իր նա­հա­տակ աշ­խա­տա­կից­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ 1915  թուա­կա­նին նա­հա­տա­կուած մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը այդ շրջա­նին աշ­խա­տակ­ցած էին  «Ժամանակ»ին։ Թերթի    խմբա­գիր ու բա­նա­սէր Սե­ւան   Տէ­յիր­մենճեա­նի ջան­քե­րով լոյս տե­սած է Երուանդ Սրմա­քէշ­խան­լեա­նի կող­մէ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ ստո­րագ­րուած եր­կե­րու ժո­ղո­վա­ծոն։ Ե­րու­խան (1870-1915), ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան կա­րե­ւոր ա­նուն­նե­րէն մէ­կը, իր նա­հա­տա­կու­թեան 100-րդ տա­րին, կը ներ­կա­յա­նայ բո­լո­րո­վին նոր հա­տո­րով մը։ Ե­րուանդ Սրմա­քէշ­խան­լեան ի­րա­պաշ­տա­կան հո­սան­քի յա­ռա­ջա­տար­նե­րէն մէկն էր։ «Ա­մի­րա­յին աղ­ջի­կը» վէ­պը, ձկնորս­նե­րու կեան­քէն քա­ղուած իր նո­րա­վէ­պե­րը ար­ժա­նի տեղ մը ա­պա­հո­ված էին ի­րեն՝ Ար­փիա­րեա­նի, Բա­շա­լեա­նի, Կամ­սա­րա­կա­նի, Օ­տեա­նի նման հե­ղի­նակ­նե­րու կող­քին։ 1896-ին, հա­մի­տեան հա­լա­ծանք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, Պոլ­սէն դէ­պի Պուլ­կա­րիա եւ Ե­գիպ­տոս հե­ռա­ցած ա­րուես­տա­գէ­տը, 1908-ին, սահ­մա­նադ­րու­թեան վե­րահռ­չակ­ման տա­րին, մայ­րա­քա­ղաք վե­րա­դար­ձող հե­ղի­նակ­նե­րէն մէկն էր նաեւ։ Ա­հա այդ թուա­կա­նին իսկ Ե­րու­խան դար­ձած էր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն մէ­կը՝ ստո­րագ­րե­լով քա­ղա­քա­կան ու ազ­գա­յին նիւ­թե­րուն վե­րա­բե­րեալ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան յօ­դուած­ներ, ինչ­պէս նաեւ քա­նի մը նո­րա­վէ­պեր։ ՀՅԴ­-ի մա­մու­լին հա­մար յօդուած­ներ ստո­րագ­րող Ե­րու­խան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի է­ջե­րուն վերս­տին կը յայտ­նուի 1913-ին, երբ ար­դէն սկսած էր իր կեան­քը ապ­րե­լու Խար­բեր­դի մէջ, որ­պէս ման­կա­վարժ։Ե­րու­խա­նին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին բե­րած աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է նկա­տի ու­նե­նա­լով այն հան­գա­ման­քը, որ ան ման­րան­կարն է իր գրա­կան ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թեան։ Նախ զին­քը կը ճանչ­նանք որ­պէս գե­ղա­րուես­տա­կան գրա­կա­նու­թեան պատ­կա­նող ա­նուն մը՝ իր նո­րա­վէ­պե­րով։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի է­ջե­րուն Ե­րու­խան ստո­րագ­րած է չորս նո­րա­վէ­պեր, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը ա­ռա­ջին ան­գամ է, որ մաս կը կազ­մեն հա­տո­րի մը, իսկ միւս եր­կու­քը նա­խա­պէս տպագ­րուած են հե­ղի­նա­կի կեն­դա­նու­թեան օ­րօք տպագ­րուած հա­տո­րին, ինչ­պէս նաեւ Փա­րի­զի, Ե­րե­ւա­նի ու Ան­թի­լիա­սի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ։Ե­րու­խա­նի հրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թիւ­նը... Մամ­լոյ տար­բեր մի­ջոց­նե­րու է­ջե­րուն ցրուած քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան բնոյ­թով այս յօդուած­նե­րը ցարդ չեն ամ­փո­փուած ա­ռան­ձին հա­տո­րի մը մէջ։ Այս հա­տո­րը ա­ռա­ջին փորձ մըն է այդ ուղ­ղու­թեամբ։ Ե­րու­խան իր յօ­դուած­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն կը յայտ­նուի որ­պէս մէ­կը, որ սրտցա­ւօ­րէն կը հա­կի երկ­րի ա­ռօ­րեայ հար­ցե­րուն վրայ, սահ­մա­նադ­րու­թեան խոս­տա­ցած ի­րա­ւունք­նե­րուն հան­դէպ խըս-տա­պա­հանջ եւ օս­մա­նեան հայ­րե­նի­քին հա­ւա­տա­ցող մը, ինչ­պէս էին մեծ մա­սամբ իր սերն­դա­կից­նե­րը։Եւ վեր­ջին նո­րու­թիւն մը եւս։ Ե­րու­խան նե­ղուած ու ձանձ­րա­ցած Պոլ­սոյ մի­ջա­վայ­րէն, մխի­թա­րու­թիւն կ­’ո­րո­նէ հայ­րե­նի մթնո­լոր­տին մէջ՝ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն ստանձ­նե­լով Խար­բեր­դի մէջ, ուր կը դառ­նայ տեղ­ւոյն Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին տե­սու­չը։ Դէ­պի հայ­րե­նիք իր ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը եւ գա­ւա­ռա­կան կեան­քը ան Պոլ­սոյ ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նէ «Փոքր Ա­սիոյ մէ­ջէն» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծա­շա­րով մը, որ ինչ­պէս միւս­նե­րը, ա­ռա­ջին ան­գամ ի մի կը բե­րուին այս հա­տո­րին մէջ։«Փոքր Ա­սիոյ մէ­ջէն» հա­տո­րը կազ­մած, խմբագ­րած ու ծա­նօ­թագ­րած է բա­նա­սէր ու գրա­կա­նա­գէտ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։ Յա­ռա­ջա­բա­նի հե­ղի­նակն է սփիւռ­քա­հայ ա­նուա­նի բա­նա­սէր Վար­դան Մատ­թէո­սեան։ Կող­քը պատ­րաս­տուած է տա­ղան­դա­ւոր նկա­րիչ Ա­րէտ Կը­ճը­րին կող­մէ։ Տպագ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին կող­մէ, որ­պէս երկ­րորդ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նըիր դարադարձին ձօ­նուած մա­տե­նա­շա­րին, Քա­սի­մի «Օ­րուան մտա­ծում­ներ»էն ետք։Մեծ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ գրող­նե­րէն Ե­րու­խան ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նին 100-րդ տա­րե­լի­ցին իր մոռ­ցուած գոր­ծե­րով վերս­տին կը խօ­սի հայ հա­սա­րա­կու­թեան հե­տ։