image

Պոլսոյ մէջ. Յակոբ Չաւիքեանի կորուստը

Պոլսոյ մէջ.  Յակոբ Չաւիքեանի  կորուստը

Օրերս   Պոլսոյ մէջ  իր մահկանացուն կնքած է   համայնքի սիրուած անդամներէն ՝ Յակոբ Չաւիքեան (Չէւիք)։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  հանգուցեալի  հարազատներէն։

Ստորեւ  «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք հանգուցեալի մասին գրուած  հակիրճ մահագրականը։

Յակոբ Չաւիքեան (Չաւիկօղլու) ծնած է 15 Յուլիս 1937-ին Արաբկիր։ Իր հայրն է Յովհաննէս Չաւիքեան, որ փոքր տարիքէն կօշկակարութեան արհեստով զբաղուելով աջակցած է տան հոգերուն, ան պահած է մայրը՝ Աննա Տուտուն, որ այրիացած էր, երբ իր ամուսինը՝ Յակոբը,  Պալքանեան պատերազմին  անհետ կորսուած։ Աննա Տուտուն այն հայուհին էր, որ 1920-ականներուն Արաբկիրի վերջին հոգեւոր հովիւ՝ Արժ.  Տ. Գուրգէն քահանայ Հաճէթեանի հեռանալէն յետոյ, ան իր մօտ պահ դրուած սրբալոյս միւռոնով օծած էր  հայ նորածինները։  

Հանգուցեալը  որդին էր Մարգրիտ (Հաճը-Գիւլ) Եսայեանին,  որ  դուստրն էր Պետրոս Եսայեանին, որ իր  արհեստին  շնորհիւ խնայուած   էր  աքսորէն, եւ դարձած Եսայեան գերդաստանի միակ  փրկուածը։ 

Աւելի ուշ Պետրոս զոհ գացած էր դաւադիր սպաննութեան։

Յակոբ Չաւիքեան իր հնգամեայ նախնական կրթութիւնն ստանալէ եւ երկու տարուան ընթացքին ներկելու արհեստը սորվելէ  ետք  1952-ին բռնած էր  Պոլսոյ ճանապարհը։

Յակոբ Չաւիքեան իր այս գործը Պոլսոյ  մէջ շարունակելուն զուգահեռ անդամակցած էր  Կետիկփաշայի Ս․Յովհաննէս եկեղեցւոյ  «Զուարթնոց» երգչախումբին  դառնալով մէկը այն սաներէն, որոնք սորվեցան հայերէն  գրել ու կարդալ «Մեսրոպեան  Սանուց Միութեան» յարկին տակ։ 

Մինչեւ զինուորագրութիւնը,  ան զբաղած էր սիրողական բռնցկամարտով մարզիչ ունենալով երբեմնի բռնցքամարտի Թուրքիոյ Եւրոպայի ախոյեան Կարպիս Զաքարեան։

Յակոբ Չաւիքեան Իսթանպուլի համալսարանի կազմակերպած հաշուապահութեան դասընթացներուն մասնակցելով ստացած էր վկայական ու դարձած հաշուապահ եւ մինչեւ իր վերջին օրերը՝ կէս դարէն աւելի զբաղած իր այս մասնագիտութեամբ։

Մասնագիտական ոլորտի մէջ ալ գործուն կեցուածք ցուցաբերող հանգուցեալը անդամ էր Հաշուապահներու Պալատի Իսթանպուլի մասնաճիւղին (ISMMO–Istanbul Chamber of Certified Public Accountants ) ու եղած էր զանազան յանձնաժողովներու անդամ, որոնց շարքին էր վերստուգիչ յանձնաժողովը։

Համայնքային շրջանակներու մէջ ալ իր մասնագիտական կարողութիւններով մասնակցութիւն բերող Յակոբ Չաւիքեան երկար տարիներ եղած էր Թօփքափուի Ս․Նիկողայոս եկեղեցւոյ Մատաղի յանձնաժողովներու անդամ։ Հանգուցեալը նաեւ խորհուրդներով եւ գործուն աջակցութեամբ իր համեստ լուման ունեցած էր Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանի հաշուապահական համակարգի արդիականացման անցումային փուլի ընթացքին։

Իր շրջապատին մէջ շատ գրքասէր ճանաչուող Չաւիքեան հանապազօրեայ հացի նման տունէն անպակաս պահած էր այլ թերթերու եւ գիրքերու կողքին հայերէն թերթերն ու գրքերը, որոնք նպաստած էին իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան։ Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը մօտ 80 տարեկանին, աւարտած էր հեռակայ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը, այսպիսով ե՛ւ իրականացնելով իր վաղեմի մէկ երազը ե՛ւ օրինակ հանդիսանալով երիտասարդ սերունդին։

Այժմ այրի Տիկին Մարգրիտի հետ ընտակեկան բոյն կազմած  Յակոբ Չաւիքեան ունի 3 զաւակ՝ Պետրոս (կինը՝ Լուիզա, զաւակները՝ Արգիշտի եւ Արսինէ), Յովհաննէս (կինը՝ Մարիամ, զաւակները՝ Ներսէս եւ Աննա) եւ Իլտա (ամուսինը՝ Նուրհան Ճաւաք, զաւակները՝ Ակսել եւ Նիքօլ): 

Յակոբ Չաւիքեան ունէր մէկ աւագ քոյր՝ այրի տիկին Նուարդ Չարսանճաքլըօղլու (զաւակը Նշան Չարսանճաքլըօղլու․ այժմ Գանատաբնակ) եւ մէկ կրտսեր եղբայր Փիլիպոս Չաւիկօղլու (այժմ Գանատաբնակ, ճանչցուած, որպէս Gallery Gevik-ի տէր, նախապէս նաեւ Gallery Phillip):

Յիշեալք բոլորը կը սգան անողոք հիւանդութեան պատճառով մեզմէ անդարձ բաժնուած Չաւիքեանի մահը: Ան կը յիշուի ինչպէս իր հարազատ ազգականներուն կողմէ նաեւ այն մարդոց կողմէ  որոնք երբեւէ ճանչցած ու գործ ունեցած են իր հետ։

Յակոբ Չաւիքեանի թաղման կարգը կատարուած է Պոլիս, Պագրգիւղի Ծնունդ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 27 յուլիսի ժամը 13։00-ին։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։