Նորութիւն մը յայտնած պիտի չըլլանք անշուշտ, որ Պոլսոյ ամենատարբեր շրջաններու քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ եղած են ու կան հայ անդամներ։
Այս առումով օրերս ուրախալի լուր ստացանք Շիշլի շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն հայուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր երեւելի աշխուժութեամբ, ոչ միայն կը մասնակցի խորհուրդի ընդհանուր գործունէութեան այլ այդ ճամբով ալ կը հասնի համայնքի այդ շրջանին մէջ գտնուող կառոյցներու պէտքերուն։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն եւ ստորեւ կը հրապարակենք այդ մասին լոյս տեսած լրատւութիւնը։
Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր առանց դադարի կը շարունակէ համայնքիս ի նպաստ աշխատութիւնները։
Ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձած էինք, ան, Քաղաքապետ Ռեսիւլ Էմրահ Շահանի հսկողութեան ներքեւ, կը կազմակերպէ մշակութային, ընկերային եւ ուսողական զանազան ձեռնարկներ։
Քաղաքապետին եւ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրին կարեւոր ծրագիրներէն մէկն ալ Շիշլիի բոլոր դպրոցներու կարիքներուն հասնիլն է։ Այսպէս քանի մը օրէ ի վեր քաղաքապետարանի ներկարարները սկսած են ներկել մեր դպրոցներուն ներքին բաժինները։ Բանկալթը Մխիթարեան, Պոմոնթի Մխիթարեան, Գարակէօզեան եւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարաններու ներքին մասերը ամենակարճ ժամանակի մէջ ներկուած պիտի ըլլան։
Կը տեղեկանանք որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը արդէն Թաղային Խորհուրհի ջանքերով դպրոցին մէջ նորոգութեան սկսած ըլլալուն համար, հոն միայն պէտք եղած չափով ներկ պիտի ղրկուի, իսկ միւս դպրոցները քաղաքապետարանին կողմէ ղրկուած գործաւորներու կողմէ պիտի ներկուին։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քաղաքապետ Ռեսիւլ Էմրահ Շահանին եւ Տիկին Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի, մաղթելով որ շարունակուի այս օգտաշատ եւ արդիւնաւէտ աշխատութիւնը։