image

Պոլսոյ մէջ. Մահացած է Մուզաֆֆեր Էրտողտու, Թուրքիոյ «ամենանպատեհ» գիրքերու քաջ հրատարակիչը

Պոլսոյ մէջ. Մահացած է Մուզաֆֆեր Էրտողտու, Թուրքիոյ «ամենանպատեհ» գիրքերու քաջ հրատարակիչը

Թուրքիոյ մէջ մահացած է յանդուգն թուրք հրատարակիչ՝ Մուզաֆֆեր Էրտողտու։ Ան իր կեանքին ընթացքին հալածուած էր ազգային շրջանակներու կողմէ, իր հրատարակած գիրքերուն պատճառով։ Ան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր նաեւ հայոց ցեղասպանութեան խնդրին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Ակօս» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս  կը գրէ՝

«Փենճերէ» հրատարակչատան հիմնադիր Մուզաֆֆեր Էրտողտու մահացաւ Չամլըճայի ծերանոցին մէջ։ Ան թուրքիոյ մէջ պետութեան կողմէ անպատեհ համարուած գիրքերու առաջնակարգ հրատարակիչներէն եղած է։ Իր հիմնած հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսան համայնավար գաղափարախօսութեան դասականացած բազում օրինակներ։ Յատուկ ուշադրութիւն սեւեռեց հայոց ցեղասպանութեան խնդրին։ Այդ շրջագծին մէջ հրատարակած գիրքերուն պատճառաւ հալածուեցաւ ազգայնական շրջանակներէ։ Յատկապէս յիշողութեան մէջ է Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան սիւներէն նախկին աւագ դեսպան Շիւքրիւ Էլեքտաղի իր դէմ հատուցած դատերը։ Էլեքտաղ կը պնդէր թէ այդ հրատարակութիւններով ինք նախատուած է։ Այս վերջինը նաեւ արգելք եղաւ ցեղասպանութենէ վերապրածներու յուշերը բովանդակող «Կապոյտ գիրք»ի Թուրքիոյ Խորհրդարանի պատգամաւորներուն փոխանցման։ Չէ որ խորհրդարանը Շիւքրիւ Էլեքտաղի եւ իրեն համախոհներու նախաձեռնութեամբ գրաւոր դիմում կատարած էր «Կապոյտ գիրք»ը Անգլիոյ մէջ ալ շրջանառութենէ վերացնելու պահանջով։ Կեանքի պայմանները բաւակին ծանր եղած էին Մուզաֆֆեր Էրտողտուի համար։ Ան ճակատաբաց դիմագրաուած էր իր դէմ պարզուող բոլոր դժուարութիւնները եւ յաջողած էր բարձր պահել, թէ իր անունը եւ թէ հրատարակչութեան արժանապատուութիւնը։

Մուզաֆֆէր Էրտողտու յուղարկաւորուեցաւ Եթովկիա, ծննդավայր գիւղին մէջ։