Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է նոյն երգչախումբի մանուկներու ամանորի համերգը։ Հանդիսութեան նախագահած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Շաբաթ երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ տղաքը փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ արժանանալով բոլոր ունկնդիրներու ծափահարութիւններուն։ Այս ոգեւոր մթնոլորտը խոր տպաւորութիւն գործեց նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանին վրայ, որ տարիներէ ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տանի բոլոր ուղղութիւններով։
Համերգի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատանքի խօսք մը արտասանեց եւ իր ձեռամբ յանձնուեցան կարգ մը յուշանուէրներ։