image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէրի արձա՞ն

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէրի արձա՞ն

Թուրքիա ապրող մրցանակակիր լուսանկարիչ Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթին համացանցային ստորագրահաւաք սկսած է՝ հայ նշանաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արձանը Պոլսոյ մէջ դնելու համար: Ան դիմած է Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուին՝ նշելով, որ Պոլիսը՝ իր լուսանկարչական արուեստի հիմքը դարձուցած Արա Կիւլէր Պոլսոյ խորհրդանիշներէն է, եւ թույլտուութիւն խնդրած է՝ իր արձանը քաղաքի մէջ կանգնեցնելու համար:

 

Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթին որպէս օրինակ մատնանշած է Նիւ-Յորքցի աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Տիանա Արպուսին, ով Նիւ-Յորքի խորհրդանիշներէն էր, եւ որուն արձանը վերջերս կանգնեցուցած են Նիւ-Յորքի Կենդրոնական Փարքին մէջ: 

 

Ստորագրահաւաքին ուղեկցուող թեքստով՝ Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթին Պոլսոյ քաղաքապետէն խնդրած է. «Մեր միակ խնդրանքը ձեզմէ այն է, որ  թոյլատրէք՝ մշակոյթի եւ արուեստի այս արժէքաւոր մարդու պրոնզէ արձանը դրուի Պէյօղլու-ի  Կալաթասարայի հրապարակին վրայ, ուր ան ապրած է իր ամբողջ կեանքը եւ նպաստած Պոլսոյ ապրանքանիշի տարածմանը:

 

Նշուած է նաեւ, որ հոկտեմբերին՝ Տիանա Արպուսի արձանը Նիւ Յորքի կենդրոնի մէջ ժամանակաւոր կանգնեցնելէ ետք, Նիւ-Յորքցիները ցանկութիւն յայտնած են, որ այն մշտական մնայ այնտեղ  եւ չհանուի: