Թուրքիա ապրող մրցանակակիր լուսանկարիչ Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթին համացանցային ստորագրահաւաք սկսած է՝ հայ նշանաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արձանը Պոլսոյ մէջ դնելու համար: Ան դիմած է Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուին՝ նշելով, որ Պոլիսը՝ իր լուսանկարչական արուեստի հիմքը դարձուցած Արա Կիւլէր Պոլսոյ խորհրդանիշներէն է, եւ թույլտուութիւն խնդրած է՝ իր արձանը քաղաքի մէջ կանգնեցնելու համար:
Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթին որպէս օրինակ մատնանշած է Նիւ-Յորքցի աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Տիանա Արպուսին, ով Նիւ-Յորքի խորհրդանիշներէն էր, եւ որուն արձանը վերջերս կանգնեցուցած են Նիւ-Յորքի Կենդրոնական Փարքին մէջ:
Ստորագրահաւաքին ուղեկցուող թեքստով՝ Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթին Պոլսոյ քաղաքապետէն խնդրած է. «Մեր միակ խնդրանքը ձեզմէ այն է, որ թոյլատրէք՝ մշակոյթի եւ արուեստի այս արժէքաւոր մարդու պրոնզէ արձանը դրուի Պէյօղլու-ի Կալաթասարայի հրապարակին վրայ, ուր ան ապրած է իր ամբողջ կեանքը եւ նպաստած Պոլսոյ ապրանքանիշի տարածմանը:
Նշուած է նաեւ, որ հոկտեմբերին՝ Տիանա Արպուսի արձանը Նիւ Յորքի կենդրոնի մէջ ժամանակաւոր կանգնեցնելէ ետք, Նիւ-Յորքցիները ցանկութիւն յայտնած են, որ այն մշտական մնայ այնտեղ եւ չհանուի: