image

Պոլսոյ եկեղեցւոյ վրայ յարձակման համար կասկածեալները Ռուսիոյ եւ Տաճիկստանի քաղաքացիներ են

Պոլսոյ եկեղեցւոյ վրայ յարձակման համար կասկածեալները Ռուսիոյ եւ Տաճիկստանի քաղաքացիներ են

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը յունուար 28-ին Պոլսոյ եկեղեցիներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած կրակոցներուն առնչութիւն ունենալու կասկածանքով ձերբակալած է 47 մարդ, այդ շարքին՝ Ռուսիոյ եւ Տաճիկստանի քաղաքացիներ։ Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Էրլիքաիան։ Կ՚ենթադրեն, որ անոնք կապուած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման հետ:

Զինուած յարձակումը տեղի ունեցած է կիրակի՝ 28 յունուարի կէսօրին՝ Պոլսոյ հիւսիսը գտնուող Սարիյէր թաղամասի Սուրբ Մարիամ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, աղօթքի ժամանակ։ Ըստ Էրլիքաիայի՝ երկու յարձակվողները դիմակներով եղած են եւ «մասնակցած» են ժամերգութեան։ Յարձակման հետեւանքով սպանուած է մէկ քաղաքացի, կան վիրաւորներ:

Reuters-ը տեղեկացուցած է, որ ահաբեկչութեան պատասխանատւութիւնը ստանձնած է «Իսլամական պետութիւնը»։

Էրտողան վստահեցուցած էր, որ յարձակումն իրականացուցած անձինք 24 ժամուան ընթացքին կը կալանաւորուին։