image

Պոլսահայ համայնքի յայտնի անուններէն՝ Արեգ Գույումճեանի մահը

  Պոլսահայ  համայնքի  յայտնի  անուններէն՝ Արեգ Գույումճեանի  մահը

Օրերս Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի  երեւելի եւ յարգուած անուններէն՝  Արեգ Գույումճեան։

Այս մասին աւելի մանրամասն գրած է   մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»ը, ուրկէ կը կարդանք՝

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի յայտնի դէմքերէն Արեգ Գույումճեան։ Յայտնի ձեռներէց մըն էր Արեգ Գույումճեան, որ տասնամեակներ շարունակ յաջողած էր պատնէշի վրայ մնալ գործարար աշխարհէ ներս։ Իր գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէր զանազան բնագաւառներ։

 

Բաց աստի, Արեգ Գույումճեան մարզական աշխարհէն ներս ալ կը համարուէր վառ անհատականութիւն մը։ Թուրքիոյ Ձիավարիկներու ակումբի անդամներէն էր։ Ձիարձակարաններէ ներս կը համարուէր հեղինակութիւն, քանի իր ձիերը կը նուաճէին առաջնութիւններ։

Իր կորուստով թրքահայ համայնքային կեանքէն կը պակսի կարկառուն դէմք մը, որ լայն հասարակութեան մէջ համբաւ կը վայելէր։