image

Պոլսահայ Արամ Տիշաղճեան արկածի զոհ

Պոլսահայ Արամ Տիշաղճեան  արկածի զոհ

 Տխուր լուր ստացանք Պոլիսէն։

 

 Արկածի հետեւանքով իր մահականցուն կնքած է Պոլսահայ շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող բնիկ Պոլսահայ Արամ Տիշաղճեան։

 

Տիշաղճեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր որպէս վարպետ ոսկերիչ նետուած էր կեանքի ասպարէզ այսօրուան կտրուածքով կը համարուէր Պոլսոյ «Գոց շուկայ»ի լաւագոյն արհեստաւորներէն մին։

Ասպարէզը սիրող, ճիշդին եւ արդարին համար գործող Տիշաղճեան  եղած է 1965 թուականի ծնունդ։

 Նշենք նաեւ, որ  արկածը եղած է Պոլսոյ Նարլըքաբու շրջանի հայկական եղեցիին մերձակայքը, եւ մեր հայրենակիցը, որ գտնուած է «մոթոսիքլէթ»ի վրայ առաւօտեան թեթեւ անձրեւին հետեւանքով սայթաքած է ու զառնուած ինքնաշարժի մը, ու տեղւոյն վրայ կնքած իր մահկանացուն։

 Գուցէ ճակատագրի հերթական մէկ   չար  խաղն է այս մէկը, բայց եւ այնպէս բոլոր պատահարներէն անդին անոր կորուստը մեծ ցաւ կը պատճառէ Պոլսոյ հայկական շրջանակներուն համար։

 

 Lուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ին