Անիես փորձած է վնասել երակները՝ երեք կտրուածք հասցնելով դաստակին։ Անոր նկատած է բանտային բժիշկը եւ տեղափոխած բանտին կից հիւանդանոց։ Երկրի ներքին գործոց նախարար Քարլոս Քասթիլիոյի խօսքով՝ անոր առողջութեան վտանգ չի սպառնար։
Փաստաբաններե Անիեսի հոգեբանական վիճակը գնահատած են ծանր եւ կը փորձեն անոր ազատ արձակել՝ որպէս պատճառ ներկայացնելով առողջական վատ վիճակը։ Ինքնասպանութեան փորձէն մէկ օր առաջ անոր ցեղասպանութեան մեղադրանք առաջադրուած էր․ դատախազութիւնը այդպէս որակած է 2019 թուականին բողոքի ցոյցերու ճնշումը։
Յիշեցնենք, որ Անիես եղած է Պոլիվիոյ սենատին մէջ ընդդիմութեան առաջնորդ, եւ 2019 թուականի Նոյեմբերին, երբ Պոլիվիոյ մէջ քաղաքական ճգնաժամ սկսած է, իրեն յայտարարած է նախագահի պաշտօնակատր մինչ նոր ընտրութիւնները։ Ան նախագահի տեղը զբաղցուցած է Էվօ Մորալեսի հրաժարականէն ետք, որ երկիրը կառավարած է 13 տարի։ Մորալեսի կողմնակիցները չեն ընդունած Անիեսը։ Զանգուածային ցոյցերը աւարտած են ճնշմամբ ու 37 մարդու մահով։
2021 թուականի մարտին Անիեսը եւ անոր վարչակազմի մի քանի անդամ ձերբակալուած են պետական յեղաշրջման նախապատրաստման եւ անոր մասնակցելու համար։ Անոր կը սպառնայ նաեւ բողոքի ցոյցերու ժամանակ 20 մարդու մահուան մասնակցութիւն ունենալու վերաբերեալ մեղադրանքը։ Անիեսը կը հերքէ մեղադրանքները եւ կը պնդէ, որ ինք քաղաքական հետապնդման զոհ է։