image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. «Հրանդ Տինք»ի անուան վարժարանը պատնէշի վրայ

Պոլիս.  «Հրանդ Տինք»ի անուան վարժարանը պատնէշի վրայ

Պոլսոյ մէջ գործող եւ յատուկ հայաստանցի երեխաներու համար հիմնուած «Հրանդ Տինք վարժարան»ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

 

 Պոլսոյ մէջ աւանդութիւն դարձած է հայկական վարժարաններու ծախսերը հոգալու նպատակով կազմակերպել ամէնամեայ նուիրահաւաքի միջոցառումներ։ 

 «Հրանդ Տինք վարժարան»ի պատասխանատուներն ալ հետեւելով այդ բարի օրինակին  կատարած է նուիրահաւաքի  հացկերոյթ մը, որու աւարտին ալ հանդիպած են Պոլսոյ Հայոց Ամեն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին։

 

 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ մեր պաշտօնակից «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի այս առթիւ ներկայացուցած թղթակցութիւնը։ 

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ոչքունեան։ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան նուիրահաւաքն ալ երէկ տեղի ունեցաւ զուգահեռաբար։ Գոհաբանական Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ այս դպրոցը ուսում կը ջամբէ՝ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներուն։ Այս առաքելութեան ճանապարհին ներդրուած ջանքերուն համար ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի եւ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլին մասին, որոնք յիշեալ կրթական հաստատութեան յարատեւութեան սիւները կը համարուին։ Քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ մեր համայնքի աջակցութիւնը միշտ խնդրոյ առարկայ եղած է այս դպրոցին ի նպաստ։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման զուգահեռ՝ այս դպրոցի «հանդուրժուած» կարգավիճակի խնդիրն ալ վստահաբար լուծում գտնէ։

 

Համայնքային շրջանակները այս տարի եւս հնարաւորինս իրենց զօրակցութեան առարկայ դարձուցին «Հրանդ Տինք» դպրոցը։