Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է տեղեկութիւնը, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Կամօ Վարդանեանը նշանակուած է պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական։
«Մամուլում տեղեկութիւններ են շրջանառւում գեներալ-լեյտենանտ Կ. Վարդանեանի՝ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական նշանակուելու վերաբերեալ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնում բարձր եւ բարձրագոյն զինուորական պաշտօնների նշանակումների վերաբերեալ սահմանուած կարգով տրւում են պաշտօնական հաղորդագրութիւններ: Պաշտպանութեան նախարարի զինուորական խորհրդականները 3-ն են՝ գեներալ-մայոր Ա. Սիմոնեանը, պահեստազօրի գնդապետ Ռ. Պետրոսեանը, պահեստազօրի գնդապետ Մ. Պօղոսեանը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Գերատեսչութենէն նշած են նաեւ, որ Հայաստանի զինուած ուժերու մէջ անձը կրնայ ծառայութեան անցնիլ բացառապէս այն պարագային, երբ ունի ՀՀ քաղաքացիութիւն:
Կամօ Վարդանեանի խորհրդական նշանակուելու մասին գրած էր «Ժողովուրդ» օրաթերթը։ Յատկանշական է, որ լրատուամիջոցի հետ զրոյցին Վարդանեանը հաստատած էր լուրը։