image

Պլինքընը «մեր մարդն է». Փութին

Պլինքընը «մեր մարդն է». Փութին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «մեր մարդն է», քանի որ քաղաքական գործիչի խօսքերէն կը հետեւի, որ անոր հարազատները փախած են Ռուսիայէն։ Այդ մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է լրագրող Պաւել Զարուպինին տուած հարցազրոյցին մէջ, որմէ հատուած մը հրապարակուած է Քրեմլի թելեկրամեան ալիքով։

Փութինն ըսած է, որ ինքն ամերիկացի լրագրող Թաքըր Քարլսընի հետ քննարկած է Պլինքընի պատմածն այն մասին, որ իր հարազատները, այդ շարքին՝ նախապապը, փախած են Ռուսիայէն, հրէական ջարդերէն։

Ռուսիոյ նախագահի խօսքով, այդ տեղեկութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերը կը պահուին ռուսական արխիւներու մէջ։

«Օրինակ, պարոն Պլինքընի նախապապը իսկապէս հեռացած է Ռուսական կայսրութենէն։ Ան ծնած է, իմ յիշելով, Փոլթավայի նահանգին մէջ տեղ մը, ետքը ապրած է Քիեւի մէջ ու հեռացած այնտեղէն։ Հարց կ՚առաջանայ՝ պարոն Պլինքընը կը հաւատա՞յ, որ սա պատմական ռուսական տարածք է: Երկրորդ. եթէ ան ըսած է, որ նախապապը  փախած է Ռուսիայէն, հրէական ջարդերէն, ապա առնուազն կը կարծէ, որ 1904 թուականին Ուքրանիա չկար... այնտեղ Ուքրանիա չկար։ Ըստ երեւոյթին, պարոն Պլինկքըն մեր մարդն է:  Սակայն չարժեր նման հրապարակային յայտարարութիւններ ընել, այդ կրնայ ձախողման յանգեցնել», -ըսած է Փութինը։

Ինքը՝ Պլինքընը, պատմած է, որ իր նախապապն ու նախատատը փախած են սոցիալիստական ճամբարի երկիրներէն։ Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած էր, որ իր խորթ հայրը՝ Սամուէլ Փիսարը, դպրոց գացած է Լեհաստանի Պիալիսթոք քաղաքին մէջ։ Հետագային անոր ուղարկած են նացիստական համակեդրոնացման ճամբարներ, բայց ան կրցած է փրկուիլ Հոլոքոսթէն:

Ըստ «Ուքրանական հրէական հանդիպում» կազմակերպութեան՝ Պլինքընի նախապապը՝ Մեիր Պլինքընը, ծնած է 1879 թուականին Քիեւի մօտ գտնուող Փերէյասլաւ քաղաքին մէջ։ Այնուհետեւ Պլինքըն տեղափոխուած է Քիեւ, ուր 1900 թուականին ծնած է անոր որդին՝ Մորիցը՝ Պլինքընի պապը: Մեիր Պլինքընը 1904 թուականին ընտանիքի հետ լքած է Քիեւը եւ մեկնած Միացեալ Նահանգներ։