image

Պլինքընը հոկտեմբերէն ի վեր 6-րդ անգամ ըլլալով ժամանած է Իսրայէլ. Կը սպասուին «Թէժ» քննարկումներ

Պլինքընը հոկտեմբերէն ի վեր 6-րդ անգամ  ըլլալով ժամանած է Իսրայէլ. Կը սպասուին «Թէժ» քննարկումներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հոկտեմբերէն ի վեր 6-րդ անգամ ժամանած է Իսրայէլ՝ իր մերձաւորարեւելեան շրջագայութեան շրջածիրէն ներս։ Այս մասին յայտնած է timesofisrael.com-ը:

Թէլ Աւիւի մէջ նախատեսուած է անոր հանդիպումը Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, որմէ ետք նախատեսուած է անոր հանդիպումը Իսրայէլի ռազմական գրասենեակի անդամներու հետ։

Պլինքըն մինչ այս այցելած է Սէուտական Արաբիա եւ Եգիպտոս։ Ինչպէս հաղորդած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, մերձաւորարեւելեան շրջագայութեան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը մտադիր է քննարկել անյապաղ հրադադարի շուրջ համաձայնութեան հասնելու ջանքերը։