Օրերս հանդիսաւոր կերպով փակումը կատարուած է «Խաղաղութեան ճիչ. Կրօնները եւ մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» միջազգային հաւաքին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Հռոմի մէջ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ յատուկ պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. գրասենակէն։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք այս առթիւ պատրաստուած թղթակցութիւնը։
«Խաղաղութեան ճիչ․ Կրօնները եւ մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» եռօրեայ միջազգային հաւաքի եզրափակիչ արարողութիւնը աւարտեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ՝ Հռոմի ամենայայտնի պատմական յուշարձանի «Քոլիզէի» ամփիթատրոնի առջեւ։ Ներկայ էին համաշխարհային կրօններու ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, հասարակական, քաղաքական եւ մշակոյթի գործիչներ։
Մինչ այդ, ժամը 16.30-ին զանազան կրօններու ներկայացուցիչներ, առանձին վայրերու մէջ իւրաքանչիւրը իր աւանդութեան համաձայն, հնարաւորութիւն ունեցան խաղաղութեան համար աղօթք մատուցելու։
Քրիստոնէական աղօթքը կայացաւ Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ ամփիթատրոնի ներսը, ուր դարեր առաջ բազմաթիւ քրիստոնեաներ հալածուած էին եւ նահատակուած։ Փակման արարողութեան ներկայ էր Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանը․ աղօթքէն առաջ Սրբազանը առիթ ունեցաւ մօտենալու եւ ողջունելու Նորին Սրբութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապը տեղեկանալով Սրբազանի Հայաստան ուղեւորուելու մասին խոստացաւ աղօթել հայ ժողովուրդի համար։
Աղօթքի աւարտին բոլոր մասնակիցները համախմբուեցան Քոլիզէի հրապարակը, ուր բացօթեայ բեմահարթակէն տեղի ունեցան շարք մը ելոյթներ։ Մինչ Սրբազան Քահանայապետի խօսքը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին պատերազմներու, ահաբեկչութեան, բռնութեան եւ մարդոց շահագործման (տրաֆիկինգի) զոհերու յիշատակը։
Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց ներկայ գտնուող քրիստոնեայ եւ այլ հաւատքի առաջնորդներուն, քաջալերուած այն նոյն եղբայրութեան ոգիով, որ 36 տարի առաջ ոգեշնչեց Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապը նախաձեռնել նման առաջին պատմական հաւաքը Սբ․ Ֆրանչիսկոսին ծնունդ տուած Ասսիզի քաղաքին մէջ։ «Այս տարի մեր աղօթքը դարձաւ ճիչ, որովհետեւ խաղաղութիւնը պղծուած է, վիրաւորուած եւ տրորուած»,- ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ «Ան խեղդուած եւ նուաստացուած է աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ»։ Ան հաստատեց, որ պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան ձախորդութեան արդիւնք է, ամօթալի պարտութիւն՝ չարի ուժերուն։ Խօսելով միջուկային զէնքի կիրառման սպառնալիքի մասին, ան հաւաստիացուց, որ իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ Աստուծոյ փրկարար նախագիծը, որ խաղաղութեան նախագիծ է, չի փոխուիր։ Խաղաղութիւնը Աստուծոյ շնորհքն է, բայց ան մշակման կարիք ունի բոլորի եւ յատկապէս հաւատացեալներու կողմէ:
Ֆրանչիսկոս Պապը կոչով դիմեց ներկաներուն. «Եկէք ականազերծենք հակամարտութիւնները Երկխօսութեան զէնքով։ Եկէք չիյնանք թշնամիի հանդէպ ատելութեան թակարդը, եկէք խաղաղութիւնը դնենք ապագայի տեսլականի հիմքը՝ որպէս մեր գործողութիւններու կեդրոնական նպատակ բոլոր ոլորտներու մէջ»։
Ան իր ուղերձը աւարտեց Սուրբ Յովհաննէս XXIII-ի խաղաղութեան կոչի խօսքերով, ուղղուած պետութիւններու ղեկավարներուն 1962 թուականի Հոկտեմբերին, երբ Քարիպեան ճգնաժամի սրացման պատճառով աշխարհը միջուկային պատերազմի շեմին էր։
Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձի աւարտին Հռոմի համալսարաններէն սուրիացի ուսանողուհի մը, նախկին փախստական, ընթերցեց Խաղաղութեան կոչը։ Այդ կոչին մէկ օրինակը Ֆրանչիսկոս Պապի եւ քանի մը պատուաւոր հիւրերու կողմէ ստորագրուելէ ետք, խումբ մը պատանիներ Հոլոքոստը վերապրած հունգարացի գրող Էտիթ Պրուկի ընկերակցութեամբ բաժնեցին արարողութեան ներկայ յայտնի քաղաքական, կրօնական ու հասարակական դէմքերուն։
.jpeg)
![]()
![]()
![]()