image

Փութինը պատրաստ չէ բանակցութեանց. Զելենսքի

Փութինը պատրաստ չէ բանակցութեանց. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլիաքը յայտարարած է, որ Քիեւ երբեք չի հրաժարիր Մոսկուայի հետ բանակցութիւններէն։ Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ դիրքորոշումը բանակցութիւններու վերսկսման վերաբերեալ բոլորին յայտնի է՝ երկխօսութիւնը հնարաւոր է ռուսական զօրքերու դուրսբերումէն ետք։

«Առաջինը, Ռուսիան դուրս կը բերէ զօրքերը Ուքրանիայէն։ Յետոյ մնացած քայլերը կը շարունակուին։ Փութին պատրա՞ստ է. ակնյայտօրէն ոչ: Ուստի մենք կառուցողական ենք մեր գնահատականին մէջ՝ մենք կը խօսինք Ռուսիոյ յաջորդ նախագահի հետ»,- Twitter-ի էջին գրած է Միխայիլ Փոտոլիաք։ 

4 Նոյեմբերին The Washington Post-ը, յղում ընելով աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ ԱՄՆ նախագահի վարչակազմը մասնաւոր կարգով կը յորդորէ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները՝ յայտարարել Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու պատրաստակամութեան մասին։

Այսօր՝ 7 նոյեմբերին, Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիա բաց է Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու համար, սակայն այժմ այդ անհնար է, քանի որ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հրամանագիր ստորագրած է, որով կ'արգիլէ բանակցային գործընթացը։