image

Փութինի կոչը՝ ԵԱՏՄ-ին. Արագօրէն դուրս գալ SWIFT համակարգէն

Փութինի կոչը՝ ԵԱՏՄ-ին. Արագօրէն դուրս գալ  SWIFT  համակարգէն

ԵԱՏՄ-ի համար կարեւոր է արագացնել SWIFT համակարգէն սեփական լուծումներուն անցնելու շուրջ երկխօսութիւնը, ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

«Մենք կարեւոր կը համարենք արագացնել երկխօսութիւնը մեր սեփական միջազգային ֆինանսա-հաշուարկային մեխանիզմներու թեմային շուրջ, ներառեալ SWIFT համածարգէն բարեկամ երկիրներու դրամատուներուն միջեւ ուղիղ թղթակցային շփումներուն անցումը, այդ շարքին` Ռուսիոյ Կեդրոնական դրամատան ֆինանսական հաղորդագրութիւններու համակարգի միջոցով», ըսած է Փութինը՝ տեսակապի ձեւաչափով Եւրասիական տնտեսական համաժողովի լիագումար նիստին: