image

Գանատան կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն արագօրէն լքել Իրանի տարածքը

Գանատան կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն արագօրէն լքել Իրանի տարածքը

Գանատան Իրանի մէջ գտնուող իր բոլոր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է հնարաւորինս շուտ հեռանալու երկրէն։

Համապատասխան յայտարարութիւնը կառավարութիւնը հրապարակած է տարածաշրջանին մէջ տիրող լարուածութեան եւ Իրանին ԱՄՆ-ի հնարաւոր հարուածի սպառնալիքի լոյսի ներքոյ։

«Իրանի մէջ գտնուող քանատացինե՛ր, պահպանուող լարուածութեան պատճառով տարածաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւնները կրնան վերսկսիլ գրեթէ առանց նախազգուշացման։ Հեռացէ՛ք Իրանէն հնարաւորինս շուտ, եթէ այդ անվտանգ է»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Գանատացիներուն յորդորուած է համոզուիլ, թէ իրենց փաստաթուղթերը վաւեր են, ինչպէս նաեւ հոգալ բաւարար քանակութեամբ պաշարներու մասին՝ այն պարագային համար, եթէ մեկնումը անկարելի դառնայ եւ ստիպուին այնտեղ մնալ։

Լեհաստանը, Շուէտը, Հնդկաստանը եւ այլ երկրներ նոյնպէս կոչ ըրած են իրենց քաղաքացիներուն լքելու Իրանը։ Աւստրալիան առաջարկած է տարհանել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուող իր դիւանագէտներու ընտանիքները։