ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն եւ անոր ռուս գործընկեր՝ Վլատիմիր Փութին աւարտած են հեռախօսազրոյցը, որ մօտ մէկ ժամ տեւած է, յայտնած է Սպիտակ տունը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթին»։
«Նախագահ Պայտընի կապի պաշտպանուած գիծով զրոյցը Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ աւարտած է ժամը 12:06-ին՝ արեւելեան ափի ժամանակով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երկու առաջնորդներու զրոյցը, որ երրորդն է Ուքրանիոյ շուրջ ճգնաժամի սկիզբէն, սկսած էր առաւօտեան ժամը 11:04-ին, աւելի վաղ յայտնած էր Սպիտակ տունը։ Անոր նախորդած են երկու երկիրներու շփումները արտաքին քաղաքականութեան եւ պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարներու մակարդակով, որոնք նոյնպէս շաբաթ օր տեղի ունեցած են ։
Մինչեւ Պայտընի հետ խօսիլը Փութին զրուցած է Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Պելառուսիոյ նախագահ՝ Ալեքսանդր Լուքաշէնքոյի հետ։