image

Փութին հօր լուսանկարը ձեռքին մասնակցած է երթի

Փութին հօր լուսանկարը ձեռքին մասնակցած է երթի

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին միացած է Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ «Անմահ գունդի» երթին:

Փութինը «Անմահ գունդի» երթին միացած է Պատմութեան թանգարանի տարածքին մէջ։ Աւանդոյթին համաձայն ան քալած է զինուոր հօր նկարով։

Նախագահը զրուցած է մօտակայքին քալողներուն հետ, ողջունած ու ձեռք սեղմած երթի մասնակիցներուն։

«Անմահ գունդը» համազգային շարժում է, որ տեղի կ'ունենայ Ռուսաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ՝ յաւերժացնելու Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակիցներուն եւ զոհերուն յիշատակը։ Այն առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2012 թուականի Մայիս 9-ին ՝ տեղի լրագրողներուն նախաձեռնությամբ, իսկ 2013 թուականին այն դարձած է համապետական։