Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է, որ ամերիկեան միջին հեռահար հրթիռներու Եւրոպայի մէջ տեղակայումը «մեծ վտանգ եւ սպառնալիք է մեզի համար»։
Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, Ռուսաստանի նախագահը անդրադարձած է երկրի սահմաններուն մօտ ՆԱԹՕ-ի թռիչքներու աշխուժացման հարցին՝ վստահեցնելով, որ այդ հարցը «աշխատանք կը պահանջէ հակաօդային պաշտպանութեան ամրապնդման ուղղութեամբ», եւ յաւելած, որ կը նախատեսուի շուտով մատակարարել բանակին արդիագոյն «Ս-500» հրթիռային համակարգի առաջին խմբաքանակը:
«Ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան ժամանակակից համակարգերը պէտք է յայտնաբերեն բոլոր տեսակի պալիսթիկ եւ հիփերձայնային հրթիռներ եւ կարենան ոչնչացնել զանոնք իրենց թռիչքի որեւէ կէտին», ըսած է Փութին։
Ան կոչ ուղղած է արագացնելու ռազմածովային օդագնացութեան զարգացումը եւ զայն զինելու ոչնչացման խոստմնալից համակարգերով՝ միաժամանակ հաշուի առնելով օտարերկրեայ ռազմածովային ուժերու հնարաւորութիւնները։
Փութին մեկնաբանած է ամերիկեան «Փորթըր» հրթիռային կործանիչի մուտքը Սեւ ծովու ջուրեր՝ ըսելով. «Անոր կրնանք նայիլ նշանառութեան հեռադիտակով՝ ըստ պաշտպանական համակարգերու պահանջին»։
Քանի մը օր առաջ ամերիկեան վեցերորդ նաւատորմը եւ Հիւսիսատլանտեան դաշինք «ՆԱԹՕ»-ի ռազմածովային աջակցութեան ուժերը սկսան ռազմածովային գործողութիւններ իրականացնել Սեւ եւ Միջերկրական ծովերուն մէջ: Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան կառավարման կեդրոնը հաղորդեց, որ Սեւծովեան նաւատորմի ուժերն ու միջոցները սկսած են վերահսկել ամերիկեան «Փորթըր» կործանիչի գործողութիւնները։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է «որեւէ սպառնալիքի»՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն վերագրելով Սեւ ծովի մէջ իրավիճակի սրման պատասխանատուութիւնը։