Յուլիս 17-ին, ժամը 22:28-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Նորագաւիթ 8-րդ փողոցի տուներէն մէկու մօտակայքը զօրաւոր քամիէն ծառը կոտրուած եւ ինկած է ելեկտրական լարերու վրայ։
Փրկարարները մասնատած են ծառը։
Նոյն օրը ժամը 22:19-ին ահազանգ ստացուած է նաեւ, որ Երեւանի Նորագաւիթ 11-րդ փողոցի տուներէն մէկու մօտակայքը զօրաւոր քամիէն տանիք պոկուած է եւ ինկած կազատար խողովակի վրայ․ անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։
Դէպքի վայր մեկնած ՆԳՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։
Պարզուած է, որ երկաթեայ թիթեղը պոկուած եւ ինկած է կազատար խողովակի վրայ․ վերջինս վնասուած է, առկայ է կազի արտահոսք։
Փրկարարները հեռացուցած են երկաթեայ թիթեղը՝ 50 քմ։ Կազի վթարային ծառայութեան աշխատակիցները դադրեցուցած են կազի արտահոսքը։
Աւելի ուշ՝ յուլիս 18-ին, ժամը 00։25-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Երեւանի Շարուրի փողոցի թիւ 7 շէնքի մօտակայքը ծառը զօրաւոր քամիէն կոտրուած, ինկած է եւ կը խոչընդոտէ երթեւեկութիւնը․ անհրաժեշտ է օգնութիւն։
Փրկարարները մասնատած են կոտրուած ծառը եւ հեռացուցած ճանապարհէն։