image

«Փոփոխութիւններ անպայման կլինեն». Ընթացք առաւ ՀՅԴ 35–րդ Ընդհանուր Ժողովը

 «Փոփոխութիւններ անպայման կլինեն». Ընթացք առաւ  ՀՅԴ 35–րդ Ընդհանուր  Ժողովը

Երեւանի մէջ երէկ ընթացք առաւ  ՀՅԴ  -րդ  Ընդհանուր Ժողովը։  Երկու շրջանով  (տարուան ժամանակամիջոցով)  կուսակցութիւնը առաջնորդած Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ երէկ  խօսած էր «Հրապարակ»  պարբերականին իր խօսքին մէջ   նշած էր, որ  նոր  ընտրուելիք Բիւրոյի  պարագային  անպայման փոփոխութիւններ պիտի ըլլան։ 

  Ստորեւ կը ներկայացնենք    երէկ տեղի ունեցած  ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի  արարողութեան մասին Պէյրութի  «Ազդակ»ին հրապարակած լրատւութիւնը։

 

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 փետրուարին «Էլիթ փլազա» կեդրոնի «Մանթաշով» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ հայաստանեան քաղաքական շրջանակներէն:

Ժողովի բացման արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Գէորգ Ղուկասեան:

 Իր ելոյթին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը պէտք է դառնայ մեր գլխաւոր ուղենիշը:

«Պայքար բոլոր ճակատներուն վրայ ու ամէնուր, պայքար հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման համար. սա է այն առաջարկը, որ ՀՅԴ-ն կրնայ ներկայացնել իր ժողովուրդին, պայքար, որուն մէջ պէտք է ըլլանք ե՛ւ կազմակերպիչը, ե՛ւ զինուորը, ե՛ւ առաջամարտիկը, քանզի հայրենիքի ու Դաշնակցութեան ճակատագիրը միահիւսուած է: Հայաստանի վերակառուցումը, հաշտեցումն ու նորոգումը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումը այլընտրանք չունին», ըսաւ ան:

Տէրունական աղօթք կարդաց Նաթան արք. Յովհաննիսեան, ապա դիմելով ներկաներուն ըսաւ. «Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն իր օրհնութիւնը կը յղէ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը` յոյսով ու հաւատքով, որ այս հաւաքը իր ներդրումը կ՛ունենայ մեր հայրենական կեանքին մէջ»:

Անոր համաձայն, եթէ մենք այսօր զիջինք մեր պատմութիւնը, պիտի զրկուինք նաեւ վաղուան պատմութենէն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ուղերձը ընթերցեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ յարակից շրջաններու թեմի հոգեւոր առաջնորդ եւ կաթողիկոսի ներկայացուցիչ  Մեսրոպ արք. Սարգիսեան:

«Կը գտնուինք անդունդի եզրին: Համապատասխան դիրքորոշումներ պէտք է որդեգրենք` հեռու ամէն տեսակ անիրատեսական մօտեցումներէ ու մակերեսային դատողութիւններէ: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, կրաւորական ու հետեւողի դերին մէջ ըլլալ, երբ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները կը նահանջեն, երբ ներքին ճեղքերը կը խախտեն մեր ազգի միասնութիւնը, երբ ժամանակաւոր ու խաբուսիկ խաղաղութեան դիմաց զիջման քաղաքականութիւնը կը վտանգէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը», նշուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսի ուղերձին մէջ:

 Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը Հայաստանի մէջ կը գումարուի տագնապահար հայութեան եւ վտանգուած հայրենիքի բախտորոշ օրերուն:

«Ակնյայտ է, որ աշխարհաքաղաքական, ռազմաքաղաքական եւ ներազգային խորքային վերափոխումներու ներկայ փուլին Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը կանգնած են ճգնաժամի եւ լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ», շեշտեց ան:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան նիստը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ:

Նշենք, որ Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի 4 տարին մէկ անգամ: ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը պիտի տեւէ մինչեւ 6 մարտ: