Այսօր հրաւիրուած ասուլիսին լրագրողներու հետ զրոյցին «GALLUP International association»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը ներկայացուցած է Երեւան քաղաքի խնդիրներուն վերաբերող վերջին հարցախոյզի արդիւնքները:
Հարցում ուղղուած է Երեւանի 800 բնակչի, հեռախօսազանգերու միջոցով դեկտեմբեր 13-էն 16-ը:
Ըստ հարցման Երեւանի փոփոխութիւնները վերջին 1 տարուան ընթացքին քաղաքացիներու համար աւելի շատ դրական է, երկրորդ հորիզոնականը՝ լիովին դրական, երրորդը՝ աւելի շատ բացասական:
Երեւանի առջեւ կանգնած ամենակարեւոր խնդիրներու շարքը կը գլխաւորեն հասարակական փոխադրութեան, երթեւեկութեան, խցանումներու, կայանատեղիներու եւ աղբահանութեան խնդիրները:
Խնդիրներու շարքը հետեւեալն է՝
Հասարակական փոխադրութեան խնդիր՝ 32,9%
Երթեւեկութեան, խցանումներու, կայանատեղիներու խնդիրներ՝ 27,5%
Աղբահանութեան խնդիր՝ 24,6%
Բնապահպանութեան խնդիր՝ 15,4%
Թափառող շուներ՝ 15.3%
Ճանապարհներու վատ վիճակ՝ 12,9%: