ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի մամուլի ծառայութիւնը։
Քննարկուած են Լաչինի միջանցքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ վերջին անգամ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները հեռախօսով զրուցած են ապրիլ 7-ին։ Այդ օրը նոյնպէս անոնք քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամին առնչուող հարցեր։