image

Փաշինեանէն զարմանք պատճառող արտայայտութիւն. «Գերիները մեզ կը ներեն»

Փաշինեանէն զարմանք պատճառող արտայայտութիւն. «Գերիները մեզ  կը ներեն»

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, 7 Յունիսին, Արմաւիրի մարզի Արմաւիր գիւղ նախընտրական այցի ժամանակ անդրադարձած է գերիներու խնդրին։

«Դուք պիտի գիտակցէք, որ գերիների հարցն այսօր ուզում են մեր պետութեան ու ժողովրդի դէմ օգտագործել՝ անհամաչափ զիջումներ պարտադրելու համար: Այո, այդ տղաները Պաքուի բանտերում պայքարում են Հայաստանի անկախութեան համար, Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար։ Եւ, այո, նրանք մեզ կը ներեն՝ մի ամիս, երկու ամիս աւելի գերութեան մէջ մնալու համար։ Բայց նրանք չեն ների մեզ, եթէ մենք յանուն իրենց ազատութեան զիջենք մեր երկրի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»,- նշած է ան։

Փաշինեանի խօսքով՝ պէտք է ուշադիր ըլլալ գերեվարուածներու ընտանիքներու նկատմամբ, եւ, որ պետութիւնը ինչ հնարաւոր է, կ'ընէ:

«Բայց եկէք թոյլ չտանք, որ մեր ցաւերով մեզ աւելի ցաւեցնեն: Թոյլ  չտանք, որ մեր վէրքերը մեզնով աւելի խորացնեն»,- շեշտած է Փաշինեանը: