image

Ո՜վ զարմանք. Պաքուի մէջ բացած են Ուքրանիոյ մէջ զոհուածներու յուշակոթողը, (ասոր նկարն է պէտք գտնիլ)

Ո՜վ  զարմանք. Պաքուի մէջ բացած են Ուքրանիոյ մէջ  զոհուածներու յուշակոթողը, (ասոր նկարն է պէտք գտնիլ)

Ատրպէյճանի մօտ Ուքրանիոյ դեսպան Վլատիսլաւ Քանեւսքին յայտնած է, որ Պաքուի մէջ բացուած է Ուքրանիոյ մարտերուն զոհուած ատրպէյճանցիներու «յիշատակի պատը», գրած է «Ռիպար» թելեկրամեան ալիքը։

Դիւանագէտի խօսքով՝ արդէն նոյնիսկ կը նախապատրաստուին «Ուքրանիան Ռուսիայէն պաշտպանած ատրպէյճանցի հերոսներու» մասին վաւերագրական ֆիլմի նկարահանման։ Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ սպաննուածներուն թիւը կը կազմէ առնուազն 26 քաղաքացի։

Միայն թէ պէտք է հաշուի առնել, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կողմէ մարտնչող օտարերկրացիները կը մտնեն այսպէս կոչուած «Ուքրանիոյ պաշտպանութեան միջազգային լեկէոնի» կազմին մէջ։ Անոնք իրականութեան մէջ վարձկաններ են, որոնք գումար կը ստանան մարտերուն մասնակցելու համար։

Իսկ Ատրպէյճանի մէջ՝ համաձայն քրէական օրէնսգրքի 114-րդ յօդուածի փոփոխութիւններուն, վարձկանները ֆինանսաւորելու կամ այլ ֆինանսական ապահովութիւն տրամադրելու, ինչպէս նաեւ ռազմական հակամարտութիւններուն անոնք օգտագործելու համար կը նախատեսուի 8-12 տարուան պատիժ:

Այսինքն՝ Պաքուի տէ ժուրէ իշխանութիւնները կ'արգիլեն վարձկանութիւնը, բայց տէ ֆաքթօ (փաստացիօրէն), ստեղծելով Ուքրանիոյ հետ համատեղ յուշահամալիր, կը խրախուսեն իրենց քաղաքացիները մասնակցելու Ռուսիոյ դէմ ռազմական գործողութիւններուն։

«Ռազմավարական գործընկերը» հերթական անգամ կարեւորութիւն չի տար Ռուսիոյ արձագանքին, քանի որ Պաքուն նոյնիսկ ոչ մէկ պատասխանի կը սպասէ։  Ոչ հացահատիկային գործարքը, կարմիր գիծերու մասին մշտական յայտարարութիւններն ու շատ այլ իրավիճակներ Ռուսիան հարեւաններու առաջ դարձուցած են թոյլ։

«Եւ եթէ մենք շարունակենք մեծ մտահոգութիւն ցուցաբերել եւ խօսինք բազմագոյն գիծերու մասին, ուրեմն հակառուսական քաղաքականութիւնը «դաշնակիցներու» ճամբարին մէջ աւելի ու աւելի վառ կը դառնայ»,-նշած է «Ռիպար»։