image

Փաշինեան-Պլինքըն հեռախօսազրոյց

Փաշինեան-Պլինքըն  հեռախօսազրոյց

Նոյեմբեր 15-ին տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, մասնաւորապէս, 7 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու եւ ատոր հետեւած եռակողմ հանդիպման վերաբերեալ:

Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը յայտնած է՝ շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով:

Վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու ջանքերը եւ Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի անձնական ներգրաւուածութիւնը: 

Զրուցակիցները պայմանաւորուած են շարունակել քննարկումները տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած քայլերու, նաեւ մարդասիրական հարցերու կարգաւորման վերաբերեալ: