image

Փաշինեան պիտի ներկայանայ պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնաժողովին

Փաշինեան պիտի ներկայանայ պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնաժողովին

2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով քննիչ յանձնաժողովը 20 յունիսին, ժամը 10։00-ին, հրաւիրած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մասնակցելու քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովէն։

Քննիչ յանձնաժողովը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն ստացած է դրական պատասխան։