image

Փաշինեան-Միշուսթին հանդիպման մասին մանրամասնութիւններ

Փաշինեան-Միշուսթին  հանդիպման մասին  մանրամասնութիւններ

Մինսքի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի հանդիպումը: 

Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Ռուսիան կը հանդիսանայ Հայաստանի հիմնական արտաքին առեւտրատնտեսական գործընկերը եւ ՀՀ տնտեսութեան ներդրողը: Այս տարուան Յունուար-Ապրիլ ամիսներու արդիւնքներով` փոխադարձ առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 30 տոկոսով եւ գերազանցած է 890 միլիոն տոլարը: Կը կարծեմ` դեռ աճելու տեղ կայ: 

«Մենք նաեւ առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք Հարաւային Կովկասի մէջ ճանապարհային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու պայմանաւորուածութեան համապատասխան: Գործնական աշխատանքը կ'ընթանայ եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակին մէջ` փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ: Սան Փեթերսպուրկի տնտեսական համագումարի ընթացքին տեղի ունեցած է անոր հերթական նիստը», ըսած է ան:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր կարգին, ըսած է, որ «շատ կարեւոր է տարածաշրջանային ենթակառուցուածքների բացումը, ողջ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը եւ ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնել Ալեքսէյ Օվերչուքին, Մհեր Գրիգորեանին, ովքեր Ատրպէյճանի Հանրապետութեան համանախագահի հետ շատ մօտէն զբաղւում են այդ հարցերով: Յոյս ունեմ, որ այն աշխատանքը, որը կատարուել է, դրա արդիւնքներով մենք կը յանգենք յստակ որոշումների, քանի որ գիտէք, որ տարածաշրջանի տնտեսական եւ ճանապարհային ենթակառուցուածքների բացումը կարեւոր է տարածաշրջանի բոլոր պետութիւնների համար: Ընթացիկ իրավիճակում այն ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն»: