image

Փաշինեան, Էրտողան եւ Ալիեւ կը մասնակցին Սամարղանտի մէջ կայանալիք ՇՀԿ գագաթաժողովին

Փաշինեան, Էրտողան եւ Ալիեւ կը մասնակցին Սամարղանտի մէջ կայանալիք ՇՀԿ գագաթաժողովին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հիւրի կարգավիճակով պիտի մասնակցին Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Ուզպեքստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Շերզոտ Ասատով։

Գագաթաժողովին որպէս Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան դիտորդ երկիրներու ղեկավարներ պիտի մասնակցին նաեւ Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, Մոնկոլիայի նախագահ Ուխնաակին Խուրելսուխը։

«Յաջորդ շաբաթ Սամարղանտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը։ Այս միջոցառումը պիտի ըլլայ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) ղեկավարներու առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը 2019 թուականէն ի վեր»,-գրած է Ասատով։