Նիկոլ Փաշինեան, ըստ ներկայացուած յայտարարագրի, չունի որեւէ շարժական կամ անշարժ գոյք, թանկարժէք իրեր։
Կոռուպցիայի կանխարգելման յանձնաժողովը հրապարակած է վարչապետի 2022-ի գոյքի, եկամուտներու, ծախսերու եւ շահերու յայտարարագիրը։
Փաշինեան ներկայացուցած է միայն դրամական շարժ։ Դրամատուներէն մէկուն մէջ ան ունի 3 միլիոն 15 հազար դրամ աւանդ։ Վարչապետի եկամուտը կազմած է միայն անոր աշխատավարձը՝ 12,837,503 դրամ։
Տարբեր դրամատնային հաշիւներու վրայ Փաշինեանը տարեվերջին ունեցած է 114.7 դրամ, 27,701.8 դրամ, 3.84 ԱՄՆ տոլար եւ 154,562.5 դրամ։
Որպէս կանխիկ գումար յայտարարագրած է 1800 տոլար, որ տարեվերջին նուազած է եւ դարձած 800 տոլար, եւ 790 հազար դրամ, որ տարեվերջին 10 հազար դրամով աւելցած է՝ կազմելով 800 հազար դրամ։
Փաշինեան մասնակցութիւն ունի 1 առեւտրային կազմակերպութեան մէջ՝ ի դէմս իր տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի, որ «Մեր տպարանը» ՍՊԸ-ի 50 % բաժնեմասի սեփականատէրն ու կազմակերպութեան տնօրէնն է 2009 թ-էն ի վեր։