image

Փարիզ. Ո՞վ է Սէն Տընիի Անձնասպանուհին

Փարիզ.  Ո՞վ է Սէն Տընիի  Անձնասպանուհին

 Ֆրանսա- («Ալ-Սաֆիր»-Պէյրութ)- Առաջին անգամ ըլլալով  Փարիզի հիւսիսը գտնուող Սէն Տընի մէջ, Չորեքշաբթի առաւօտ, չորս տղամարդոց հետ սենեակի մը մէջ գտնուող ահաբեկիչ կին մը ինքզինք կը պայթեցնէ` ֆրանսական ոստիկանախումբի ընտրանիին ձեռքէն ազատելու համար:

Այս դէպքի վերաբերեալ իր մեկնաբանութիւնը տուող «Անձնասպանուհի կիներ. Կնոջական ժիհատ»ը գիրքի հեղինակ, հետազօտող  Ֆաթիմա Լըհնիյաթ կ'ըսէ, «Լարուածութիւնն ու լիցքաւորուածութիւնը  հասած էին այն աստիճանի, որ ան գերադասեց մահը՝ ձերբակալութեան փոխարեն» եւ աւելցուց, որ ան կը սեպէ, թէ ինք այսպիսով մասնակից եղաւ «Քիֆահին», եւ  այստեղ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի իր կին ըլլալը, չնայած, որ անոր արարքի անդրադարձը ընկերութեան վրայ կրկնակի ազդեցութիւն կ'ունենայ:

Լըհնիաթ, ընդհանրացնելով թեման, կը յիշէ, որ նախորդող երկու տարիներուն  շատ կիներ միացան «Ժիհատի հողին» Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, սակայն անձնասպանութեան դիմողները քիչեր էին, կարելի է յիշել  Միրյալ Տըկուք՝ պէլճիքուհի իսլամը, որ ինքզինք պայթեցուց 2005-ի Նոյեմբերին, Իրաքի մէջ, ամերիկեան կարաւան մը անցնելու ժամանակ:

Հետազօտութիւն կատարողը  աւելցուց, որ կիներու մասնակցութիւնը նման ջարդերու կամ աւերիչ ու կործանիչ  ցաւերու պատճառ հանդիսանալը միշտ ալ ապշեցում եւ զզուանք յառաջացուցած է  հանրային կարծիքին  մօտ: Ան նաեւ շեշտադրեց, որ իսլամական կրօնի մէջ դատապարտելի է անձնասպանութիւնը ընդհանրապէս եւ մանաւանդ դատապարտելի է այն, երբ անհատը կը շեղի իրմէ ակնկալուած դերէն, սակայն դժբախտաբար, այդ արգելումը անտեսուած է, յատկապէս՝ լիբաբանցիներու, պաղեստինցիներու, Ալ-Քաիտայի եւ չէչէն խմբակներու կողմէ, զատորոշելով  յանուն հայրենիքի զոհուած նահատակուհիները, ինչպէս լիբանանցի Սանաա Մուհայտալին, անձնասպաններէն, որոնք ծայրայեղ կրօնական ըմբռնումներէ մղուած, անմեղ զոհեր կը ձգեն  իրենց ետին: