image

Փարիզ. Մտաւորական Ժերար Շալեանի կորուստը

Փարիզ. Մտաւորական Ժերար Շալեանի կորուստը

Փարիզի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է հայ մտաւորական Ժերար Շալեան։

Շալեանի մահուան բօթին մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

Ստորեւ մեր կազմած կարճ մահագրութիւնը։

Փարիզ. Մահացած է հայազգի մտաւորական՝ Ժերար Շալեան 

 Իվ  Տերոն չէ այլ ԻՎ ԹԵՐՆՈՆ 

91 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հայ հրապարակախօս, գրող Ժերար Շալեանը (Ֆրանսիա)։

Ան 70-է աւելի գրքերի հեղինակ է, որոնցմէ է (Իվ Թերնոնի հետ համահեղինակութեամբ) «Հայերու ցեղասպանութիւնը» 1980, ֆրանս.) գիրքը։ Հրատարակութեան պատրաստած է (Քլեր Մուրատեանի եւ Ալիս Ասլանեան-Սամուէլեանի աշխատակցութեամբ) ժողովուրդներու մշտական ատեանի 1984 թուականի ապրիլ 13-16-ին Փարիզի մէջ կայացած հայերու ցեղասպանութեան նուիրուած յատուկ նստաշրջանի նիւթերը, որոնք հրատարակուած են նոյն տարին «Լռութեան յանցագործութիւնը։ Հայերու ցեղասպանութիւնը» վերտառութեամբ։

Ան յաճախ եղած է Հայաստանի, Ղարաբաղի մէջ, դասախօսութիւններ ունեցած է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ շատ երկիրներու մէջ։

Ժերար Շալեանը 1964 թուականէն ի վեր ճանապարհորդած է ողջ աշխարհով՝ գրելով տարբեր յեղափոխական եւ ազգային-ազատագրական շարժումներու մասին՝ Վիեթնամի, Աֆղանստանի, Իրաքի, Շրի Լանքայի, Չեչնիայի, Սալվատորի, Անկոլայի մէջ եւ այլն: