Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ անյայտ անձինք ռումբ նետած են Շուէտի դեսպանատան մուտքի մօտ, ոչ ոք տուժած է: Տեղեկութիւնը յայտնած է «Expressen» թերթը՝ յղում ընելով ոստիկանութեան աղբիւրներուն։
«Ռումբը չէ պայթած։ Մեր մասնագէտները ռումբը հեռացուցին դէպքի վայրէն, եւ մենք ջանքեր կը գործադրենք յանցագործները գտնելու համար», - ըսած է պարբերականի աղբիւրը։
Միջադէպը տեղի ունեցած է լոյս հինգշաբթի գիշերը։
Ոստիկանութիւնը կ'ենթադրէ, որ անյաջող յարձակումը կրնայ կապ ունենալ Շուէտի մէջ «Քուրան» այրելու դէպքերու հետ:
Շուէտի ԱԳՆ-ն իր հերթին յայտնած է, որ դեսպանատան աշխատակիցները ապահով են, իսկ գերատեսչութիւնը մշտական կապի մէջ է անոնց հետ:
