Այսօր առաւօտեան ժամերէն լարուած իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի կարգ մը շրջաններուն մէջ։
Խնդիրն այն է, որ քաղաքացիներ բողոքելով երկրին մէջ ստեղծուած դրութիւնէն կրակի տուած են կարգ մը դրամատուները։
Կը նշուի, որ հրդեհուած են յատկապէս «Պիպլոս» եւ «Աուտէ» դրամատուները սարքերը ու նաեւ կրակի տրուած են նոյն դրամատուներու մուտքերը։
Նշենք նաեւ երէկուընէ սկսեալ Լիբանանի ելեւմտական շուկան մեծ ցնցումի ենթարկուած էր եւ ամերիկեան տոլարի սակը հասած էր 78 հազարի։
Կարգ մը վերլուծաբաններ կարծիք յայտնած են այն մասին, որ տոլարի թանկացման հետեւանքով երկրին մէջ սկիզբ կ՚առնեն մեծ խռովութիւններ, որոնք աւելիով կը վատթարացնեն Լիբանանի առանց անոր ալ անմխիթար իրավիճակը։