image

Պէյրութ. Վարդան Նազիրեանի այցը՝ ԹՄՄ-ի «Թէքէեան վարժարան»

 Պէյրութ. Վարդան Նազիրեանի այցը՝ ԹՄՄ-ի «Թէքէեան վարժարան»

Արմատներով բնիկ սաղիմահայ եւ երկար ժամանակէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ՌԱԿ-եան գործիչ, ազգային եկեղեցական կեանքի աշխոյժ մասնակիցներէն Տիար Վարդան Նազիրեան օրեր առաջ, իր Պէյրութ գտնուած ժամանակաշրջանին այցելած է ԹՄՄ-ի «Վահան Թէքէեան» վարժարան։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Զարթօնք»էն։

Ստորեւ կուտանք այդ հակիրճ լրատւութիւնը յիշեցնելով, որ Տիար Նազիրեան վերջին տարիներուն աշխոյժ ներկայութիւն կը հանդիսանայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմէն ներս, գործելով, որպէս Թեմական Խորհուրդի ատենապետ։

 

 Նազիրեան նոյնպէս ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ ի մասնաւորի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ հանդիսանալով, թէ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ թէ ալ ՌԱԿ-ի Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ։

 

 Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք ազգային բարերարին, յուսալով, որ իր ունեցած բեղուն գործունէութիւնը եւ ցոյց տուած աշխոյժութիւնը կերպով մը կը փարատեն վիրաւոր մեր ժողովուրդին ցաւերն ու տագնապերը։

 

 

 Ստորեւ «Զարթօնք»ի լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2025-ին, Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանը պատիւն ունեցաւ հիւրընկալելու հռչակաւոր անձնաւորութիւն մը, մեր համայնքի բարեկամ եւ նուիրատու՝ Տիար Վարդան Նազիրեանը՝ Ա.Մ.Ն.- էն:

Այցելութիւնը համախմբեց Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեանը, Վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լա չինեան Մակարեանը, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխատենապետ՝ Տիար Յարութ Երկանեանը եւ վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանը:

Սոյն հանդիպումը մտաւոր հարթակ մը հանդիսացաւ գաղափարներու փոխանակումի՝ վարժարանիս զարգացման եւ յառաջընթացին վերաբերեալ: Իւրայատուկ կերպով ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ վարժարանիս 75-ամեակը, որ կարեւոր հանգրուան մըն է՝ վկայելով վարժարանիս երկարամեայ նուիրուածութիւնը՝ կրթութեան եւ համայնքային ծառայութեան մարզերէն ներս: