«Արեւելք», (Պէյրութ) Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար՝ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան բարեկարգման ու կառուցման նշանաբանը կրող կառավարութեան մէջ, արդէն սկսած է ծրագրելու ու գործելու, հաւատալով որ Լիբանանի աւելի լաւ ապագայի յոյսի գրաւականը անոր երիտասարդութիւնն է։
Այս առումով ալ նախարարուհի Պայրագտարեան տուած է կարեւոր աւետիս մը կապուած Պէյրութի մարզական կենաքի սիրտ հանդիսացող «Քամիլ Շամուն» մարզաւանի շուտափոյթ վերականգնումին ու հետեւաբար վերաբացման մասին։
Կը նշուի, որ գալիք եղելութեան մասին նախարարուհին պիտի յայտարարէ այսօր՝ չորեքշաբթի, որուն ընթացքին ալ պիտի արտայայտուի մարզական հանրութիւնը յուզող հարցերուն մասին։