image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. Գալուստեաններու օճախէն բարի լուր. Ծնած է Զոէ Գալուստեանը (Լուսանկար)

 Պէյրութ. Գալուստեաններու օճախէն բարի լուր. Ծնած է Զոէ Գալուստեանը (Լուսանկար)

Պէյրութէն բարի լուր ստացանք։ Ծնած է Սագօ եւ Թամար Գալուստեաններու հայաշունչ ընտանիքի երկրորդ աղջիկ զաւակը՝ Զոէ։ 

 

 Նշենք, որ Զոէն ունի քոյր մը Գլոէ անունով եւ դուստրերուն հայրիկն ու մայրիկը  որոնք ժամանակով մը Երեւան էին հաստատուած ստիպուած եղած են վերադառնալ Պէյրութ։ 

 Չի խանգարեր անշուշտ, որ  Պէյրութի հայկական օճախները այսպէս ծաղկին ու աճին ու այդ  ծաղկումը  բոլորիս համար ուրախութեան իրական աղբիւր է։ 

 

 Երբ հայրենի երկնակամարին կուտակուած են մոխրագոյն ամպեր սփիւռքահայերուն վիճակուած է պահպանել իրենց օճախը, երանգ տալ իրենց օճախներու եւ պայքարիլ , որ վաղուան մեր օրը աւելի պայծառ եւ ապահով ըլլայ։ 

Սփիւռքը մէկ շունչով  եւ մտահոգ աչքերով կը հետեւի  երկիր Հայաստանի զարգացումներուն եւ մասնաւորապէս այս օրերուն մեզի համար իբրեւ «Արեւելք» աւելի քան կարեւոր է նման բարի լուրեր, բարի կամք եւ հայու իրական ոգի  դրսեւորող մեր օճախներուն լուրերը տարածել։ 

 

 Գալուստեաններուն կը մաղթենք ամենաբարին եւ յոյսով ենք, որ ի մօտոյ  կը հայրենադառնան։

 

Երկու քոյրեր  ՝Քլոէ եւ Զոէ Գալուստանները