image
Հրատապ լուրեր:

Պէտք է ԵԱՏՄ-ի մէջ փոխզիջումներ գտնենք. Փաշինեան

Պէտք է ԵԱՏՄ-ի մէջ փոխզիջումներ գտնենք. Փաշինեան

Ներկայ դրութեամբ ակնյայտ է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրները յստակ, միասնական մօտեցում չունին՝ ուժանիւթի միջոցներու ընդհանուր շուկայի կառուցման եւ զարգացման հեռանկարի վերաբերեալ. այս մասին Ալմաթիի մէջ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ կը նախագահէր նիստը։

«Ներկայ դրութեամբ ակնյայտ է, որ անդամ երկիրները յստակ, միասնական մօտեցում չունեն՝ էներգառեսուրսների ընդհանուր շուկայի կառուցման եւ զարգացման հեռանկարի վերաբերեալ: Վստահ եմ՝ ընդհանուր էներգառեսուրսների շուկայի ստեղծումը բոլորիս կը տայ մի շարք առանցքային առաւելութիւններ՝ նպաստելով տեսութիւնների կայուն զարգացմանը, բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացմանը, էներգետիկ անվտանգութեան բարելաւմանը: Այս ամէնը հաշուի առնելով՝ կարծում ենք, որ մեր երկխօսութիւնը պէտք է ուղղուած լինի փոխզիջումային պայմանաւորուածութիւնների որոնմանը»,-ըսած է Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը նաեւ աւելցուցած է, որ առանցքային տնտեսական ցուցիչներու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրները վստահօրէն կը շարժին կայուն տնտեսական աճի հետագիծով:

«2023-ին Հայաստանի ապրանքնաշրջանառութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկների հետ, նախորդ տարուայ համեմատ, աճել է 39%-ով՝ կազմելով մօտ 7,8 միլիառ տոլար: Ընդ որում, արտահանումն աճել է 40,8%-ով, իսկ ներկրումը՝ 37,5%»,-ըսած է Փաշինեան:

Անոր խօսքով՝ ներկայ փուլին Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) համար առաջնահերթ պէտք է ըլլայ ոլորտային համագործակցութեան ամրապնդումը, նոր ձեռնակատիրական կապերու ստեղծումը, անդրսահմանային առեւտուրի՝ թուային ծառայութիւններու եւ տուեալներու փոխանակման կիրառմամբ կարգաւորումը: 

Ի դէպ, Փաշինեանի դիտարկումներէն ետք ուշագրաւ խօսքով հանդէս եկած է Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը։

Ան անդրադառնալով Հայաստանի կեցուածքներուն, մասնաւորապէս, ըսած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) նկատմամբ ՀՀ-ի դիրքորոշումները եւ կեցուածքները կը համապատասխանեն ռուսական շահերուն։

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) համարկման հետագայ զարգացման առաջնահերթութիւնները մեծապէս կը համապատասխանեն ռուսական մօտեցումներուն, Մոսկուան պատրաստ է աջակցելու ատոնց իրականացման», յայտարարած է ան։