image

«Պէտք է ապահովենք երխօսութիւն». Իրանի վերնախաւը յետքայլ կ՚ընէ

«Պէտք է ապահովենք  երխօսութիւն». Իրանի վերնախաւը յետքայլ կ՚ընէ

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը յայտարարած է, որ անվտանգութեան ուժերը պէտք է գործեն առաւելագոյն զսպուածութեամբ՝ երկրին մէջ արդէն 12 օր շարունակուող ցոյցերու մասնակիցներու  նկատմամբ, եթէ ազգային անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք չըլլայ, յայտարարած է Իրանի փոխնախագահ Մոհամմատ Ճաֆար Ղաեմփանահը:

«Զէնքերով եւ դանակներով անձինք, ինչպէս նաեւ ռազմական եւ անվտանգութեան կառոյցներու վրայ յարձակողները կը համարուին անկարգութիւններ կազմակերպողներ։ Անվտանգութեան ուժերը պէտք է ապահովեն երկխօսութիւն եւ խաղաղ հաղորդակցութիւն եւ լսեն ժողովուրդի պահանջները», - նշած է փոխնախագահը։