image

Սպառնալիքի պարագային Իրան կրնայ փոխել միջուկային դոկտրինը. Խամենէի խորհրդական

Սպառնալիքի պարագային Իրան կրնայ փոխել միջուկային դոկտրինը. Խամենէի խորհրդական

Իրան միջուկային զէնքի մշակմամբ չի զբաղիր, սակայն կրնայ փոխել իր դոկտրինը (սկզբունքը, վարդապետութիւնը) երկրի գոյութեան սպառնացող վտանգի պարագային։ Իրանի գերագոյն առաջնորդի խորհրդական, երկրի միջազգային յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քամալ Խարազին այս մասին ըսած է «Financial Times» թերթին։

Ան նշած է, որ եթէ Արեւմուտքը նորէն կիրառէ պատժամիջոցները, որոնք հանուած էին Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրին Իրանի միանալէն ետք, Թեհրանէն նոյնպէս լուրջ արձագանգ կ՚ըլլայ՝ կապուած միջուկային ռազմավարութեան փոփոխութեան հետ:

Ատոր հետ մէկտեղ, անոր խօսքով, Թեհրան հանդէս չի գար միջուկային զէնքի ստեղծման օգտին։

«Մինչ օրս մենք ուրանի աւելի քան 60 տոկոսով հարստացման մասին որոշում չենք կայացուցած։ Բայց մենք կը փորձենք ընդլայնել մեր փորձը՝ օգտագործելով տարբեր մօտեցումներ եւ մեթոտներ»,-նշած է Խարազին։