image

ԱՄՆ պիտի աշխատի ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս հայ-ատրպէյճանական հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ․ ԱՄՆ Արտաքին գործոց

ԱՄՆ պիտի աշխատի ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս հայ-ատրպէյճանական հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ․ ԱՄՆ Արտաքին գործոց

Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աշխատիլ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հանդիպումներ կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Այդ մասին յուլիս 2-ին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը։

Անոր խօսքով՝ Բաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններն առաջնահերթութիւն են արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ գերատեսչութեան միւս պաշտօնեաներու համար։

«Կասկած չունիմ, որ աշխատանքն այս ուղղութեամբ կը շարունակուի։ Ինչ կը վերաբերի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպումներուն եւ ներգրաւուածութեան՝ ժամանակացոյցի մասին դեռ չեմ ուզում խօսիլ»,- ըսած է Փաթել։

Յիշեցնենք՝ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրած է մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի գործընկերներու հաւաքին, որ նախատեսուած է յուլիս 9-էն 11-ը Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս: Հայկական կողմը հրաւէրն ընդունած է, Ատրպէյճանը դեռ դիրքորոշում չէ արտայայտած: