image

5509 Թռիչք , աւելի քան 400.000 Ուղեւոր. Պէյրութի օդակայանը նոր «մրցանիշներ» կը հաստատէ

   5509 Թռիչք , աւելի քան 400.000 Ուղեւոր. Պէյրութի օդակայանը նոր «մրցանիշներ» կը հաստատէ

Արդէն իսկ պարզ կը դառնայ, թէ ի՛նչ  հանգամանքներու բերումով եւ ի՛նչ պատճառներով Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան միջազգային օդակայանը թիրախ կը դառնայ միջազգային համբաւ ունեցող կարգ մը ԶԼՄ-ներու։

Այդ աղբիւրները, որոնք տեղի-անտեղի կը խօսին Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի օդակայանի թիրախ դառնալու մասին, պարզ է, որ ունին յետին նպատակներ եւ այդ նպատակներն իհարկէ փոխակապակցուած են կարգ մը հիմնարար հանգամանքներու հետ։

Այս առումով, ալ ըստ հրապարակուած վերջին տուեալներուն, միայն Յունիսի ընթացքին օդակայանի ճամբով Լիբանան ժամանած են 400.000-է աւելի ուղեւորներ, իսկ Պէյրութէն թռիչք առած կամ Պէյրութ վայրէջք կատարած օդանաւերու եւ կամ թռիչքներու թիւը հասած է 5509-ի, բան մը որ բոլոր առումներով կը համարուի աննախընթաց։

 Փաստ է անշուշտ, որ վերջին տարիներուն (առնուազն երեք տարիներու ընթացքին) Պէյրութ ժամանողներուն մեծագոյն տոկոսը աշխարհով մէկ տարածուած լիբանանցիներն են, որոնք ինչ-որ առումներով սկսած են փոխարինել մօտիկ անցեալին Լիբանանի համար «փրկութիւն» համարուող արաբական ծոցի զբօսաշրջիկները։ 

Այս տուեալին վերլուծումն անշուշտ բոլորովին այլ թեմա է, բայց փաստ է, որ Պէյրութի օդակայանը մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն դարձած է Մերձաւոր Արեւելքի ամենաբանուկ «խաչմերուկ»ներէն մին, ուր կը փութան եւ հեռաւոր ամերիկաներէն եւ ալ եվրոպական ամենատարբեր երկիրներէն արմատներով լիբանանցի քաղաքացիները։

Կազայի պատերազմի հիմնահարցը, Լիբանանին ուղղուած  սպառնալիքները ու ասոնց կողքին լիբանանցի ժողովուրդի ապրելու կամքն ու ոգին իրողապէս ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ պատճառներու բերումով Լիբանանի «վտանգաւոր վայր» ըլլալու  վարկածը դարձած է «սիրելի վարկած» Լիբանան երկրին ու լիբանանցի ժողովուրդին հանդէպ ժխտական կեցուածք ունեցողներուն համար։

Իհարկէ Պէյրութի օդակայանին մասին այսքան բարձր ցուցանիշները կը գրանցուին այն օրերուն, երբ Լիբանան կը բոլորէ տնտեսական բաւականին բարդ ժամանակներ: Ու պատկերացուցէք՝ ի՜նչ տեսակի աճ կրնայ ապրիլ Լիբանանը, եթէ երկրի իսկական վերակառուցումը, քաղաքական իրավիճակի կայունացումը ու նաեւ տնտեսական բարեփոխման գործընթացները դրուին իսկական հունի մը մէջ։