Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահները նախագահ Ճո Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած են առաւելագոյն ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ, որպէսզի վերջ դրուի Արցախի շրջափակման, քանի դեռ ներկայ ճգնաժամը այնտեղ աղէտալի չէ դարձած: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը:
Ինչպէս նշած են քոնկրէսականները, հարկաւոր է, որ Պայտընի վարչակազմը առաւելագոյն ճնշում գործադրէ՝ դադրեցնէ Ատրպէյճանին ամէն տեսակի ռազմական աջակցութիւն, ատրպէյճանական ղեկավարութեան դէմ պատժամիջոցներ կիրառէ շարունակուող ռազմական յանցագործութիւններու համար, օդային ճանապարհով անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն հասցնէ Արցախի ժողովուրդին:
ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սամանթա Փաուըրին հասցէագրուած նամակին մէջ ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրանք Փալոնը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ատամ Շիֆը, Տէյվիտ Ուալատաոն, ինչպէս նաեւ քոնկրէսական Աննա Էշուն գրած են. «Լաչինի միջանցքը բանալու ներկայ միջազգային ռազմավարութիւնը պարզապէս չաշխատիր: Ալիեւի ռեժիմը միտումնաւոր քայլեր կը ձեռնարկէ Արցախէն հայ բնակչութիւնը հեռացնելու եւ անոնց իրենց նախնիններու հողին մէջ ազատ ապրելու հնարաւորութենէն զրկելու համար: Սա էթնիկ զտման ակնյայտ նշան է, որ պէտք չէ անտեսուի»:
Քոնկրէսականները նաեւ նշած են, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է դիտարկէ Արցախին մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու բոլոր հասանելի տարբերակները, ներառեալ օդային ճանապարհով բեռեր հասցնելը: