image
Հրատապ լուրեր:

Պայտըն-Շոլց քննարկում. թեման Ուքրանիան է

Պայտըն-Շոլց  քննարկում. թեման Ուքրանիան է

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց Ուաշինկթոնի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ քննարկած են Ուքրանիոյ տրամադրուող օգնութիւնը եւ հակառուսական միջոցներու ձեռնարկումը։ Այս մասին ըսուած է Սպիտակ տան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Առաջնորդները քննարկած են Ուքրանիոյ մարդասիրական, տնտեսական եւ քաղաքական օգնութեան տրամադրման ու անվտանգութեան ապահովման ուղղուած շարունակական ջանքերը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ ժողովուրդի հետ համաշխարհային համերաշխութեան պահպանման կարեւորութիւնը։ Անոնք վերահաստատած են, թէ պատրաստ են Ռուսիոյ պատասխանատւութեան ենթարկել իր յարձակումներուն համար այնքան ժամանակ, որքան կը պահանջուի»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հաղորդուած է, որ Պայտըն գոված է Գերմանիան Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ ճնշում գործադրելու եւ Ուքրանիոյ աջակցելու համար։

«Դուք պատմական փոփոխութիւններ կատարած էք հայրենիքին մէջ՝ աւելցնելով պաշտպանական ծախսերը եւ հրաժարելով ռուսական ուժանիւթի աղբիւրներէն: Ես գիտեմ, որ այդ հեշտ չէր: Ձեզի համար շատ դժուար էր», - ըսած է ան:

Շոլց, իր հերթին, ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու հետ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

«Շատ կարեւոր կը համարեմ, որ մենք հասկցնենք, թէ պիտի շարունակենք ընել այդ (օգնել Քիեւին - խմբ.) այնքան ժամանակ, որքան կը պահանջուի եւ որքան անոր անհրաժեշտութիւնը կայ», - ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը։