image
Հրատապ լուրեր:

Պայթում՝ Ս. Փեթերսպուրկի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ. չի բացառուիր ԱԹՍ հարուածի վարկածը

Պայթում՝ Ս. Փեթերսպուրկի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ. չի բացառուիր ԱԹՍ հարուածի վարկածը

Ս. Փեթերսպուրկի Քրասնոկվարտէյսքի շրջանի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ արտակարգ պատահար տեղի ունեցած է: Տուժածներ չկան:

Այդ մասին յայտնած է տեղական իշխանութիւնը:

«Մենք գիտենք, որ զոհեր չկան, սա փաստ է: Երկու տուներու պատշգամբներու ապակեպատումը մասամբ վնասուած է, բնակիչները տարհանուած են», -յայտնած է նահանգապետ Ալեքսանտր Պեկլովը:

Ռուսական իշխանութիւնները չեն յայտնած, թէ ճիշդ ինչ պատահած է, մինչդեռ, չհաստատուած տեղեկութիւններու համաձայն, շէնքը վնասուած է ուքրանական փոքր անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն:

Տարհանուած է աւելի քան հարիւր մարդ, վեց բնակիչ դիմած է բուժօգնութեան, մէկ կին տեղափոխուած է հիւանդանոց:

Ռուսական ոչ պաշտօնական աղբիւրները կ՚ենթադրեն, որ անօդաչուի թիրախը, հաւանաբար, մօտակայքը գտնուող «Ռուչյի» նաւթապահեստը եղած է: