image
Հրատապ լուրեր:

Պայթում Ռուսիոյ զօրամասերէն մէկուն մէջ. Կայ զոհ

Պայթում Ռուսիոյ զօրամասերէն մէկուն մէջ. Կայ զոհ

Պայթում տեղի ունեցած է Ռուսաստանի Խապարովսքի երկրամասի Ամուրի շրջանի Թէյսին գիւղի զօրամասին մէջ, կայ զոհ եւ վիրաւորներ: Այս մասին յայտնած է տարածաշրջանի արտակարգ ծառայութիւններու աղբիւրը:

«Զօրամասին մէջ ինչ-որ բան պայթած է, մէկը զոհուած է, մի քանի հոգի վիրաւորուած են ու տեղափոխուած են հիւանդանոց», ըսած է աղբիւրը:

Արտակարգ ծառայութիւններու մէկ այլ աղբիւր մանրամասնա է, որ զօրամասին մէջ վառօդի պայթում տեղի ունեցած է:

Վերջին տուեալներով` եօթը մարդ վիրաւորուած է: